2015-03-03 11:11:04

Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքին քառասնորդացի պատգամը`''Աստուծմէ ներողութիւն խնդրել ս. Զատիկը ապրելու համար''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքը` գերերջանիկ Բարթողոմէոս, Ա. քառասնորդացին առթիւ, (որ` օրթոտոքս աշխարհին համար սկիզբ առաւ երկուշաբթի 23 Փետրուար 2015 ), պատգամ մը ուղղած է հաւատացեալներուն, հրաւիրելով զանոնք աշխատիլ ''Աստուծոյ նմանելու'', հեռանալու համայն աշխարհը հարուածող քստմնելի ոճիրներէն, որուն ականատես ենք։
Քառասնորդացի շրջանին կանչուած ենք գրած է Պատրիարքը` ''մեր աղերսները ուղղել ողորմած Աստուծոյ, խնդրելով ներումը մեր մեղքերուն, որպէսզի լաւագոյնս պատրաստուինք Քրիստոսի Յարութեան տօնին եւ աշխատինք սուրբ դառնալ։ Ուստի` խոստովանինք մեր մարդկային թերութիւնները, տկարութիւններն ու մեր ոչնչութիւնը Աստուծոյ առջեւ, միակ ճշմարիտ սուրբը, միակ Տէրը` Յիսուս Քրիստոս, ի փառս Աստուծոյ Հօր''։
Մեր Եկեղեցին, կը գրէ Բարթողոմէոս Պատրիարքը, կը տենչայ մարդու փրկութիւնը եւ այդ պատճառաւ կը հրաւիրէ հաւատացեալը ապրիլ քառասնորդացը ծոմապահութեան, աղօթքի ու ապաշխարութեան ոգիով, որպէսզի կարողանանք նմանիլ Աստուծոյ, այսինքն հասնիլ սրբութեան։
Մինչ այն, կը շարունակէ Պատրիարքը, մեզմէ իւրաքանչիւրը կանչուած է ինքնիր հետ հաշտուելու զղջումի ու դարձի միջոցաւ ու աշխատիլ զարգացնելու մեր սէրը հանդէպ մերձաւորին, նման մեր Տիրոջ, որ իր կեանքը նուիրեց աշխարհի փրկութեան համար։

Միմիայն այն ատեն գերեզմանէն պիտի ծագի ներումը ու պիտի ապրինք որպէս մարդկային էակներ փոխադարձ յարգանքով ու սիրով, հեռու այն քստմնելի ոճիրներէն որուն ականատես ենք եւ որ այս օրերուն կը հարուածեն համայն աշխարհը։
Պատրիարքը հուսկ իր պատգամը կ՛եզրափակէ խրախուսելով ու հրաւիրելով ամէնքը խորհելու ու գործելու բարի կամք ունեցող մարդոց նման։








All the contents on this site are copyrighted ©.